ԳլխավորՄի կտոր գիրք

«Երբ այլեւս չեն սիրեր». Զապել Եսայան

Ներկայացնում ենք հատվածներ հայ  գրող, ազգային-հասարակական գործիչ Զապել Եսայանի (4 փետրվարի, 1878 – 1943) «Երբ այլեւս չեն սիրեր» պատմվածքից։

***

Երեք-չորս օրէ ի վեր կը ձիւնէր անընդհատ։ Կապարագոյն երկինքը կը ցանծար ու պիտի փլէր կարծես փայտաշէն ու հինցած տուներուն վրայ՝ որոնք արդէն ծածկուան էին համայնատարած սպիտակութիւնով. սանիքները կը կքէին հանդարտօրէն եւ համառ կերպով իջնող ձիւնի ծանրութենէն նեղ փողոցները գրեթէ ամայի էին, ուր հազիւ մէկ քանի անտէր շուներ սրսփալով ցուրտէն կը քաշքշուէին եւ գիշերն ի բուն կ՚ոռնային անողորմ երկինքին։

Առաւօտ եւ երեկոյ ձիւնի այդ թանձր դէգերը հիւսիսային հովէն սառելով կը քարանային, ու պատուհաններուն վրայ միայն տուներու ներքին տաքութենէն մասնակիօրէն հալելով, քմահաճ ձեւեր, ձիւնեղէն ժանեակներ կը յօրինէին։

Երբեմն տժգոյն ու վտիտ դէմք մը կ՚երեւար մէկ կամ միւս պատուհանին շրջանակին մէջ ու երբեմն ալ մանկան մը թուխ կամ խարտեաշ գանգուրները, բայց ընդհանրապէս մարդիկ հաւաքուած էին գետինը դրուած կրակարաններու շուրջ եւ ամէն տեղ գրեթէ առանց բացառութեան կը մտմտային մէկ կողմէ անգործութեան եւ միւս կողմէ կեանքի սգութեան վրայ։

Թաղին ամէնէն խիտ փողոցներէն մէկուն մէջ հինուկ եւ միայրկանի տան մը փողոցին վրայի սենեակին մէջ, Երանիկ հանըմ եւ աղջիկ Եւփիւմէ, դէմ առ դէմ կրակարանին առջեւը նստած դանդաղօրէն կը խօսակցէին իրենց երկայն ու անգործ ժամերը զբաղեցնելով։

Չքաւորութի՞ւն…։ Ատ չէր որ կը պակսէր, բայց այդ պահուն մօր ու աղջկան մտմտուքը ուրիշ նիւթի մասին էր. անոնք երբեմն նոյն իսկ կը վիճէին. իրարու հետ կը քէնոտէին եւ լռութեան մէջ նոր առարկութիւններ փնտռելով յանկարծ կը պոռթկային ու կը ջանային ջրել անպատասխանի մնացած առարկութիւն մը։

— Ինծի ա՛լ ո՞վ պիտի առնէ… տարիքս լեցաւ, իմ ատենի աղջիկները կարգուեցան, զաւակներու տէր եղան. վաղը միւս օր ի՞նչ պիտի ընեմ, հայրս մեռաւ, դուն ալ ինծի հետ չպիտի ապրիս եա…մօրեղբօրս վիճակը մէջտեղն է, անպտուղ չոր ծա՞ռ մը պիտի մնամ, չէ՛ մայրիկ, ես փատնալու, տունը մնալու միտք չունիմ։

— Քա՛, կը գոչէր փրփրալով մայրը, մարդս պատառ մը հացին կուշտն է, կարգուելուդ ո՞վ դէմ է, բայց մէյ մը քեզի, մէյ մը անոր նայէ… կեցար, կեցա՛ր, աս սանկ է, աս նանկ է ըսիր, հիմակ այդ գինով շունին արժան տեսար ինքզինքդ… ատանկ կարգուելուն մարդ աղջիկ մնայ, աւելի աղէկ է։

— Չէ՛, ո՞վ ըսաւ… ատ միտքէդ հանէ… պիտի կարգուիմ… Խաչիկը ըսաւ արդէն ինծի. «Դուն չէ՛ մ՚ըսեր, ես ինչ կ՚ուզես կ՚ընեմ. դուն իմ խմելուս մի նայիր, սիրտիս ցաւէն ի՛նչ ընելս չգիտցայ, մէյ մը տուն ըլլանք, դուն պիտի տեսնաս. խուշին կաթը անպակաս պիտի ըլլայ տունէն. ես գերիդ ըլլամ, խմե՛մ մի. ի՞նչ ուզես ան պիտի ընեմ…»։

— Վա՜յ գլուխդ, ընդմիջեց մայրը կէս հեգնութեամբ, կէս զայրոյթով. տահա դուն տղայ ես, քեզի խաբելը դժուար չէ. ամէն էրիկ մարդ գլուխ գլխի չեկած, շա՜տ բան կ՚ըսէ, շատ բան կը խոստանայ, երկինք ու երկիր քեզի կուտայ. բայց մէյ մը որ տիրանա՜յ…

Գլուխը օրրեց այս վերջին բառերուն վրայ, կարծես տաժանելիօրէն արթնցած հին յիշատակներ դիմաւորելու համար փորձառու եւ դառնացած կնոջ բարկութիւն մը, տենդագին կարմրութիւն մը կուտար իր չոր այտերուն. անիկայ շատ թուխ, շատ նիհար կին մըն էր եւ իր սուր աչքերով դէմքը կորովի եւ տառապանքի խառնուրդ մը կը ներկայացնէր. մազերը թափած ու այնքան ցանցառ էին որ մանիշակորակ տժգնութիւն մը կը ցայտէր գանկէն, դէմքը, մոխիրի մէջ եփուած խնձորի կեղեւին պէս տեղ տեղ փոթտուած ու տեղ տեղ ալ ուռած էր. կոտրտած եւ սեւցած ակռաներով բերանը անսովոր խստութիւն մը կուտար իր բառերուն, մանաւանդ որ սրտմտած դէմքը կը յայտնէր այն խոր յուսահատութիւնը որ կը զգար աղջկանը անհնազանդութեանը հետեւանքով։

Աղջիկը, Եւփիմէ դեռ հազիւ քսանեօթը տարեկան էր եւ շէկերու յատուկ գիրուկ ու կաթնային գեղեցկութիւն մը ունէր. իր ճերմակ դէմքին վրայ սեւ եւ ժպտուն աչքերը շէկ թարթիչներուն մէջ գորովագին քաղցրութիւն մը ունէին. հառակառ մօրը, անիկա իր ամբողջ անձին վրայ կը կրէր լեցուն ու կոր գիծերու գիրգ հրապոյրը. իր մութ կապոյտ բրդեղէն հագուստին մէջէն վիզը կը բարձրանար ճրդմակ ու փափուկ, զարդարուած դեղին սաթէ մանեակով մը ամառները ցանը քիչ մը կը պղտորէր իր մորթին գեղեցկութիւնը եւ իր շէկ ու գռուզ մազերը շատ կարմիր կ՚երեւէին արեւին շողշողուն լոյսին մէջ, բայց այս մթին ու ստուերոտ եղանակէն մէջ անոր գեղեցկութիւնը իր կատարելութեան կը հասնէր։

Շատեր ուզեր էին զինքը, բայց վերէն կը նայէր իր թեկնածուներուն վրայ՝ գիտակից իր հրապոյրներուն. բայց այլեւս երկու տարիէ ուզող չկար, երբ ահա Խաչիկ որ իրենց վարպետին խալֆան էր ու ամէն օր կ՚երթար կուգար եազմա ու ներկ բերել, տանելու համար, զարնուեր էր իրեն։

Սկիզբները Եւփիմէ ականջ չէր կախեր, բայց հետզհետէ տարուեր էր անոր յամառ ու հետապնդող սէրէն. բարձրահասակ ու թիկնեղ կտրիճ մըն էր վերջապէս, որ ինքզինքը սեպել կուտար թաղին մէջ. ամէն կարգի թաղային շարժումներու գլուխը կը գտնուէր. ընկերներուն հետ բարի, աղէկ ու գէշ օրերուն հասնող, շիտակ ու զօրաւոր, անիկա չէր կրնար անտարբեր ձգել սիրտ ունեցող աղջիկ մը. բայց երբ անգամ մը խմէր, ինքզինքը կը կորսնցնէր, քանի՜, քանի՜ գինետունի կռիւներու հերոսը եղած էր անիկա. անգամ մը որ իր դեդեւուն սրունքներուն վրայ կենար, կարմիր ու լայն գօտին պնդացնէր մէջքին վրայ ու աչքերը սպառնային… ամա՜ն…ո՞վ իր ոտքին կը հասնէր։

Իբր խոհեմ եւ զգուշաւոր կին Երանիկ հանըմ չէր ուզեր Խաչիկը որ գինովի գէշ համբաւ ունէր. պարբերաբար գինովցող մարդու յատուկ խոժոռութիւն մը. անոր սթափած ժամերուն մէջ զայն անհաղորդ կը դարձնէր ու հակակրելի. նոյն իսկ երբ պարզ դիտողութիւն մը ունենար ընելիք բանած բաներուն վրայ, ան ի՞նչ կերպ էր, այն ի՞նչ ձայն էր, ան ի՞նչ նայուածք էր…

***

Իրիկուն էր եւ ձմեռնային մթնշաղը այս մռայլ եղանակին մէջ գրեթէ անմիջապէս տիրոց սենեակին։ Երանիկ հանըմ տէզկեահէն ելաւ, կազը վառեց, վարագոյրները գոցեց. կրակը հրահրեց ու նստեցաւ բազմոցին եզերքը։ Եւփիմէ դեռ կը շարունակէր բանիլ հակառակ մօրը հրաւէրներուն, որովհետեւ զբաղումը կը պարտրկեր աստիճան մը իր խռովուած զգացումները. դէմը, բազմոցին անկիւնը, մօրեղբայրը եւ Խաչիկ դէմ առ դէմ նստած օղի կը խմէին. իրենց միջեւ դրուած էր պզտիկ ափսէ մը՝ որուն մէջ փոքրիկ պնակներով զետեղուած էին խաշուած լուբիա, ձիթապտուղ եւ բողկ։ Երբեմն մօրեղբայր գաւաթ մը օղի կը հրամցնէր քրոջը, հակառակ այս վերջինին յամառ մերժումներուն եւ երբ անոնց վիճաբանութիւնը կ՚աւարտէր, դարձեալ լռութիւն կը տիրէր սրահին մէջ։

Եւփիմէ լամբարին դեղնորակ լոյսին տակ տենդագին արագութեամբ կ՚աշխատէր իր քով դիզուած եազմաները կ՚առնէր մէկիկ մէկիկ, որոնց վրայ կանանչը եւ կապոյտը բանուած ըլլալուն, ներկին պարունակած խէժէն կարծրացած էին, կը տարածէր զանոնք տէզկեահին վրայ, ճկոյթովը կը շտկէր իր ներկելիք մասերը ու թեւը սռքտած, բազուկը բարձր, վրձինը շնորհալի շարժումով կը խաղցունելով կ՚ամբողջացնէր գոյները։

Խոշոր կարմիր վարդեր, կամ դեղին անօրինակ ծաղիկներուն ողկոյզներ կը կենդանանային իր վրձինին հարուածներով. թէեւ գործը մեքենական աշխատութիւն մըն էր, այլ սակայն իւրաքանչիւր գործաւորուհի կրնար մասնաւոր շնորհ մը դնել իր գործին մէջ։ Եւփիմէի ձեռքէն ելած եազմաները վառ գոյներ կ՚ունենային ու վարպետը իր լաւ տրամադրուած օրերուն քանիցս ըսախ էր իրեն։

— Քեզի պէս պայծառ կը բանիս, Եւփիմէ՛…

Քանի օղիին գաւառները կը պարպուէին, այնքան Մարտիկ տայի շատախօս կը դառնար, մինչ Խաչիկ լուռ ու մունջ կը խմէր, բայց իր աչքերը կը վառէին ու նայուածքը հետզհետէ աւելի համարձակութեամբ կը դառնար Եւփիմէին կողմը եւ երկարօրէն կը նայէր. հակառակ ցուրտին, անոր այտերը այնքան կարմրած էին որ կարծես կ՚այրէին, շրթները կը չորնային եւ երբեմն լեզուին ձայրովը կը թրջէր զանոնք. իր ճերմակ եւ գիրուկ վիզին վրայ սաթի հատիկները շուք կը ձգէին՝ աւելի շեշտելով անոր սպիտակութիւնը։ Ու Խաչիկ կը նայէր, այնքան սիրտը թունդ կ՚ելլէր, տենդագին ջերմութիւն մը մինչեւ ճակատը կը բարձրանար ու իր յուզմունքը ծածկելու համար՝ ծխախոտին տուփը կը բանար եւ դանդաղօրէն սիկառէթ մը կ՚ոլորէր։

Տաժանելի օր մը անցուցեր էր, ժամեր ու ժամեր մինչեւ ծունկերը ջուրին մէջ՝ աշխատէր էր ծովին եզերքը ու վերադարձին թաց եազմաներու բեռը կռնակին վրայ՝ բարձրացեր էր զառիվերէն. աշխատութիւնը այնքան ծանր էր որ հակառակ խայթող ցուրտին՝ քրտինք թափած էր ու երբ անգիտակից քայլերով դէպի գինետուն կ՚երթար կազդուրուելու համար, յիշեր էր Եւփիմէի տուած խոստումը։

— Մարդուս խօսքը բերնէն կ՚ելլայ։

Մարտիկ տայի Խաչիկը տեսնելուն՝ առաջարկեր էր տունը երկու հետ խմել. ինքն ալ անկարող էր գինետուն երթալու, քանի օրերէ ի վեր յօդացաւը զինքը կը տանջէր. ինքն իր վրայ կզկտուած՝ դժուարաւ մինչեւ անկիւնի նպարավաճառը կ՚երթար բան մը գնելու համար։

Հիւսիսային հովը փարատեր ու ցրուեր էր ամպերը եւ այլեւս չէր ձիւներ. երկնքին վրայ գորշորակ ու սեւ ծուէններ, հալածական եւ պատառատուն, արագ ընթացքով կ՚անցնէին ու կ՚անհետանային։

Բայց օրն ի բուն ու մանաւանդ գիշերը մինչեւ լոյս հովը արձակուած գազանի պէս կը սուրար մռնչելով. երբեմն հազար բերնով կը գոռար, երբեմն ալ միայնակ եւ քինախնդիր ոգիի մը պէս գետնին վրայ սողալով յանկարծ կը խոյանար գալարուելով եւ կը սուլէր կամ պատուհաններուն ետեւէն լալագին մրմունջով մը կը հետեծէր։

Ու տուները կը ցնցուէին, դիզուած ձիւները մէկ տանիքէն միւսը կը քշուէին, իսկ պարտէզներուն մէջ չոր ծառերը այսահարներու պէս կը թոթուէին, մինչ ճիւղերն ի վար կախուած սառոյցները բիւրեղանալով՝ առանց հալելու կը փոշիանային եւ կը ցրուէին յարատեւօրէն փչող քամիին ուղղութեամբ։

— Ասեղին ծակէն ցուրտ կը մտնայ կոր ըսաւ Երանիկ հանըմ սարսռալով։

Խաչիկ նայեցաւ անոր՝ անսահման գորովանքով, ամէն ինչ եւ ամէն բան որ կապ ունէր Եւփիմէին հետ՝ իրեն պաշտելի դարձեր էր։

— Կրակին քովը չգա՞ս, ըսաւ դողացող ձայնով մը։

Երանիկ հանըմ թէեւ դեռ ցրտութեան երեւոյթ մը կը պահէր Խաչիկին նկատմամբ, բայց ներքնապէս սիրտը կակուղցեր էր. գէշ չէր Եւփիմէին ուզածն էր դեռ ի՞նչ ըլլար. ասանկ ժամանակներու մէջ ո՞վ տէր պիտի ըլլար անօժիտ աղջկան մը։ Ամբողջ օրը տէզկեահին առաջք երկու կիները դէմ դէմի նստած՝ եռանդով կ՚աշխատէին ու կը խօսէին, մայրը կ՚ուզէր իր բուն զգացումները յայտնել, բայց շուտով տեղի տուած չըլլալու մտահոգութեամբ կողմնակի կ՚ընէր միայն։

Պատմվածքն ամբողջությամբ՝ այստեղ։