Ներկայացանում ենք հատվածներ հայ գրող-երգիծաբան և լրագրող Հակոբ Պարոնյանի (19 նոյեմբերի, 1843 — 27 մայիսի, 1891) «Քաղաքավարության վնասները» ստեղծագործությունից։
***
Բռնաւոր մը կայ, որ գեղեցիկ անուան տակ ծածկուած զմեզ գերութեան կը դատապարտէ։ Նոյն իսկ այն առանձնաշնորհմանց մէջ զորս մեր կամքն կը շնորհէ մեզ և որոց չհակառակիր օրէնքն։ Այս բռնաւորը բնութեան ալ կը հակառակի և թոյլ չտար անոր որ ազատ համարձակ գործէ մարդ էակին վրայ։ Այս բռնաւորը քաղաքավարութիւնն է։ Այս բռնաւորին հակառակողները անկիրթ կ՚անուանուին յանիրաւի։
Այս քաղաքավարութիւնն քաշուելու բան չէ մանաւանդ անոնց համար որ կը սիրեն և տրամադրութիւն ունին բնութեան օրինաց հետեւիլ, և այս ընթացքով երջանկութիւն գտնել։ Հասկցնելու համար թէ որչափ կը չարչարուին, կը հարստահարուին այս խեղճերն, արժան կը դատենք քանի մր օրինակներ մէջ բերել։
Բարեկամներէդ մէկուն անուան տօնախմբութեան ներկայ գտնուիլ կը փափաքիս։ Ընթրելէն յետոյ կ՚ելլես բարեկամիդ տունը կ՚երթաս ուր սիրալիր ընդունելութիւն մը կը գտնես։ Մէկ ժամու չափ նստելէն ետքը աչքերդ կ՚սկսին գոցուիլ, և կ՚ուզես բազմոցի վրայ ընկողմանիլ։ Ախորժակով ընթրած ըլլալով՝ գօտիդ քիչ մը թուլցնելու կամ քակելու պէտք կ՝զգար։ Հրաւիրելուց առջեւ ասանկ պէտք մը զգալն հակառակ է քաղաքավարութեան։ Քունը երթալով կը ծանրանայ արտեւանանցդ վրայ։ Բազմութեան մէջ եկող քունն անկիրթին մեծն է, վանել հարկ է այդ քունը։ Բնաւթիւնը «քնացի՛ր» կ՚ըսէ, քաղաքավարութիւնը «մի՛ քնանար» կը պոռայ։
Փորձէ և քիչ մը քնացի՛ր։
Տան տէրը գլխուդ վրան կը տնկուի։
— Ինծի նայեցէ՛ք, կը պոռայ ապասաւորներուն, քիչ մըջուր բերէ՛ք Պապիկ աղային։
— Չէ, չէ, չեմ ուզեր ջուր։
— Ինչո՞ւ կը քնանաք, Պապիկ աղա։
— Նստած տեղս քունս եկաւ, ներեցէ՛ք։
— Մեզմէ չախորժեցար։
— Քաւ լիցի։
— Ուրիշներուն տունը մինչեւ առտու կը նստիք, մեր տունը շուտ մը կը քնանաք։
— Շատ կերայ այս գիշեր, այդ պատճառաւ․․․։
— Ոչ աս է ոչ ան, կ՚ըսէ տան տիկինը, մեր տունն աղէկ զբօսում չկայ, անոր համար․․․։
— Կ՚աղաչեմ, մի՛ խօսիք այդպէս։
— Ուրիշ տուն մը գտնուէիք նէ՝ հարկաւ ա՛լ աւելի պիտի զբօսնուիք և զուարճանայիք։
— Սիկարա մը բերէք Պապիկ աղային, կը հրամայէ տան տէրը։
— Խնձոր մը ոտկեցէք Պապիկ աղային , կը հրամայէ տան տիկինը։
— Շնարհակալ եմ։
— Խահուէ մը եփեցէ՛ք։ —Թէյ մը բերէ՛ք։
—Ելի՛ր սանկ քիչ մը պարտէ, Պապիկ աղա, որ քունդ փախչի։
—Եկո՛ւր սքանպիլ մը խաղանք որ չքնանաս, կը պոռայ անդիէն ուրիշ մը։
—Շնորհակալ եմ՝ դուք քէյֆներնուդ նայեցէ՛ք։
—Չըլլար, սքանպիլ մը պիտի խաղամ քեզի հետ։
Պապիկ աղան չկրնար դիմադրել։ Կ՚սկսի սքանպիլ խաղալ, հազիւ կը խաղայ երեք քառորդ և ահա քունն վերստին կուգայ։
—Մի՛ քնանար, Պապիկ աղա։
—Չեմ քնանար կոր։
—Կը քնանաս կոր , Պապիկ աղա։
—Չեմ քնանար կոր։
—Եթէ կ՚ուզես բօլքա մը պարէ՛ որ քունդ փախչի։
—Բօլքա չեմ գիտեր։
—Կը սորվիս։
—Թո՛ղ տուէք զիս, Աստուածնիդ սիրէք նէ, անդիի սենեակը կ՚երթամ կը քնանամ քիչ մը։
—Անկարելի բան է։ Տօնախմբութեան մէջ կը քնացուի՞։
Բռնութեամբ պարի կը հանեն Պապիկ աղան որ մաքէն իրարու ետեւէ կը շարէ այն խօսքերը զորս բարկութիւնը արտասանել կուաայ մեզ նմանօրինակ պարագայից մէջ։
Պարը կը վերջանայ։ Պապիկ աղային քունը կը փախչի։ Մէկ երկու ժամէն հրաւիրեալները ոտքի կ՚ելնեն մեկնելու համար։ Պապիկ աղան ալ կ՚ելնէ և տուն կը դառնայ։ Անկողին կը մտնէ չկրնար քնանալ, քունն անդառնալի կերպով փախած է։ Կ՚ելնէ անկողինէն քիչ մը կը կարդայ որ քունը գայ․ չգար։ Ուրիշ քնաբեր գիրք մը կ՚առնէ, հնար չէ քնանալ նոյն իսկ եթէ․․․ «Օրուան կեանքը» կարդայ։ Այսպէս Պապիկ աղան մինչև առտու կը տապլակի անկողնոյն մէջ՝ և կ՚սկսի այն ատեն քնանալ ուր ամէն մարդ կ՚արթննայ և գործի կ՚երթայ։
***
Մելքոն աղան՝ խոնջած ցերեկուան աշխատութիւններէն կարողութիւն չունի հետիոտն երթալ տուն, Սամաթիա, ուստի կորոշէ թրամվէյով երթալ և ինքզինքը կը նետէ թրամվէյի կառքին մէջ ուր մէկ մարդու համար տեղ մնացած էր միայն։ Հազիւ կը նստի Մելքոն աղան եւ ահա միջին հասակով գիրուկ անձ մը կը մտնէ կառքն և Մելքոն աղան տեսնելով՝
— Շատ աւրախ եմ, կ՚ըսէ , ձեզի հոս տեսնելուս համար։
— Ես ալ նոյնպէս , կը պատասխանէ Մելքոն աղան։
— Զեզի խօսելիք ունիմ, բայց նախ և առաջ կրնա՞ք արդեօք ինծի ալ ձեր քովն առնել, սանկ քիչ մը իլիշմիշ ըլլամ, սանկ պզտիկ տեղ մը բանաք նէ՝ բաւական է ինծի համար, ես կրնամ սղմիլ, արդէն պզտիկ մարդ մըն եմ։
Մելքոն աղան իր բարեկամին տեղ շինելու համար ասդին կը դառնայ անդին կը դառնայ, աջ ծունկը ձախին վրայ կը դնէ, պզտիկնալու կը ջանայ։ Մելքոն աղային այս ճգանց միջոցին բարեկամն՝
— Ահ, ինքզինքդ ինձի համար անհանզիստ մի՛ ըներ, ես կրնամ հոո սղմիլ, կ՚ըսէ ու որպէս թէ տեղ գտած է, Մելքոն աղային ծունկին վրայ կը նստի։
— Անհանգիստ չըլլաք․․․։
— Ամենեւին, ամենեւին, դուք ձեր հանգիստը նայեցէք, կարծեմ թէ ձեզի քիչ մը անհանգիստ ըրի։
— Ոչ։
— Ձմեռ է հիմայ, սըխ նստինք նէ՝ կը տաքնանք։ — Այո՛։
— Եթէ պէօյիւզիւր եղաք՝ կ՚աղաչեմ ըսէք։
— Ոչ, կը պատասխանէ Մելքոն աղան որ հազիւ կրնայ շունչ առնել։
— Ինչ կայ ինչ չկայ նայինք Մելքօն աղա։
— Ոչինչ։
— Տունը ի՞նչպէս են, չօճուխները աղէ՞կ են։
— Խաթրդ կը հարցնեն։
— Ողջ ըլլան։
Մելքոն աղային ծռւնկերը կ՚սկսին թմրիլ․ քրտինքը ճակտէն կը վազէ․ ի՞նչ ընէ, քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ որ մեր բարեկամները չվշտացնենք ոչինչ բաներու համար։
— Վայ կիտի Մելքոն աղա վայ, ասանկ հէ․․․զիրար պիտի տեսնենք եղեր թրամվէյի մէջ, աղբար, րահաթ չնստի՞ս, սանկ ոտքերդ չերկնցնե՞ս․․․
Մելքոն աղան չպատասխաներ․ ոտքի կ՚ելնէ և իր տեղը բարեկամին կը յանձնէ։
— Ի՞նչ, անհանգի՞ստ եղար։
— Չէ, այսօր շատ նստեցայ տէ, աաոր համար ոտքի վրայ կայնիլ կ՚ուզեմ քիչ մը։
— Ատ ուրիշ, | ես կարծեցի որ պէօյիւզիւր եղաք։ Էյ Մելքոն աղա, սա թրախոման մեր անգին տունը կը քանդէ կոր, ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, քանի կը մտմտամ կոր նէ խելքս կը թռցանեմ կոր։
— Իրաւունք ունիք։
— Բայց այս խնդիրը խիստ կարեւոր բան մըն է, ասանկ երեսի վրայ ձգուելու խնդիրներէն չէ։
Եւ Մելքոն աղային թեւը կը քաշէ ուժով որպէս զի անոր զգացնէ խնդրին կարեւորութիւնը։
— Այնպէս է, կը պատասխանէ Մելքոն աղան։
— Եղբայր, մեր ազգին մէջ այս բանին կարեւորութիւն տուող չկայ, կը յարէ բարեկամն, ոտքերովն Մելքոն աղային ոտքերուն զարնելով։
— Կը հասկնամ կոր աղբար, կը հասկնամ կոր։
— Այնպէս որ թրախօմա տալու կարողութիւն չունեցաղ խեղճ աղջիկները տունը մնալու կստիպուին կոր․․․ աս ի՞նչ սարսափելի բան է աղբար, չպատասխանե՞ս․․․։
— Ի՞նչ պատասխանեմ․․․
— Մահու և կենաց խնդիր մըն է աս։
Բարեկամն ամէն խօսելուն կամ ձեռքովը Մելքոն աղային կուրծքին կը զարնէ կամ ոտքովը անոր ոտքերուն վրայ կը կոխէ կամ անդին կը հրէ կամ ասդին կը քաշէ։ Խօսք հասկցնելու այս եղանակ հազուադէպ չէ մեր ազգին մէջ։ Տեսակ մը պերճախօսութիւն որ ունկնդիրները ծեծելու վրայ կը կայանայ։
— Իրաւունք ունիս, ճանըմ, բայց ես ի՞նչ ընեմ։ Ըսածդ կը հասկնամ կոր։
— Կը հասկնաս կոր բայց անտարբեր կը կենաս կոր պապամ, կ՚ըսէ Գասպար աղան և Մելքոն ադայէն թեւն ուժով կը սխմէ։ Կառքին մէջ գտնուողներն կը խնդան այս տեսարանին վրայ, բայց մեր բարեկամն չհասկնար և կը շարունակէ ծեծել Մելքոն աղան, որուն համբերութիւնը կը հատնի և կառքը Չէմպէրլի Թաշ հասնելուն պէս ինքզինքը կառքէն դուրս կը նետէ։
Ւ՞նչ ընէր Մելքոն աղան, կրնա՞ր ըսել բարեկամին ռր ըրածն քաղաքաւարութեան դէմ էր, անկրթութիւն էր։ Ոչ։ Քաղաքավարութիւնը բացարձակ կերպով կը դատապարտէ անկիրթին անկիրթ ըսելը․ ուստի Մելքոն աղան անկիրթ երեւալէն լաւ համարեց ծեծ ուտելը։
Այս տողերը գրողն ալ օր մը ալս տեսակ երկու պերճախօսներու մէջտեղը գտնուեցաւ, դժբախտաբար, և մազ մնաց որ ոսկորներն ջարդուխուրդ ըլլային եթէ գթասիրտ մէկն վարպետութեամբ չազատէր զայն։